ՔԷՅՄՊՐԻՃԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխարհի լաւագոյններէն՝ Քէյմպրիճի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժին մուտքի համար թեկնածուներուն կը տրուի հետաքրքրական հարցում մը. արդեօք բարոյակա՞ն է, թէ միակ հաճոյքը մարդ սպաննել եղող մտախտաւոր մը դրուի երեւակայական համացանցային սիմիւլասիոնի մը մէջ, ուր կրնայ սպաննել մարդիկ՝ որքան որ ուզէ։