ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՈՒՆԻ 75 ԱՇԱԿԵՐՏ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը, որ մասնաւոր առաքելութիւն եւ առանձնայատուկ դիրք մը ունի պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս, 2021-2022 կրթական շրջանին եւս վերաբացած է իր դռները։ Ներկայ վերամուտին խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէ դպրոցէն ներս։