ՆՈՐ ՏԵՍՈՒՉԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նոր տնօրինութիւն մը ըրաւ՝ գաւառաբնակ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներու դիմագրաւման համար։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գաւառներու տեսուչ նշանակեց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը։