ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ԲԵՐԱՒ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱԽԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը։ Պատգամաւորը այս կապակցութեամբ հարցադրում մը ներկայացուց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին։