ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԻՆ ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԱԿ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի ճարտարապետներէն Նշան Եաղուպեան մրցանակի մը արժանացած է 2020 թուականի Ճարտարապետութեան ազգային ցուցահանդէսի եւ մրցանակներու ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Եաղուպեան Թուրքիոյ մէջ հեղինակութիւն մը կը համարուի այս ասպարէզէն ներս։