ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Պոլսոյ Աթոռի երանաշնորհ նախորդ գահակալի վախճանման առաջին տարելիցը նշուեցաւ շաբաթավերջին:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց իր հոգելոյս նախորդին՝ բարեյիշատակ Մեսրոպ Սրբազանի հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Պոլսոյ Աթոռի երանաշնորհ նախորդ գահակալի վախճանման առաջին տարելիցը նշուեցաւ շաբաթավերջին:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց իր հոգելոյս նախորդին՝ բարեյիշատակ Մեսրոպ Սրբազանի հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի «Միտի» կազմը վերջին շրջանին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Շիշլիցիները արդէն եղանակի առաջին կէսը աւարտած են իրենց պայքարած դասաւորման մէջ եւ արդիւնքը բաւական փայլուն է։
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկայ էին Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Նշան Սրկ. Չալկըճեանի գլխաւորութեամբ։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցին մէջ:
Նիստի մասնակիցները ծափահարութիւններով ողջունեցին Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի համատեղ ներկայութիւնը:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ ընդհանուր քննարկում մը տեղի ունեցաւ՝ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու մասնակցութեամբ։ Միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը կը հետապնդէր անդամներու պահանջներուն եւ մօտեցումներուն վերահասու դառնալու նպատակը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկ մը։ Որակեալ հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Տ. Կորիւն Ա. Քահանայ Ֆէնէրճեան եւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։
Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի ճատրակի խումբը եղաւ Պէյօղլուի շրջանի ախոյեանը։ Անցեալ շաբթուան մէջ, այս գաւառակի դպրոցներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքը հանդիսացաւ իսկապէս բարդ մրցակցութեան մը թատերաբեմը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալին, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները, որոնց մասնակցեցան նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը միջամտեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի եւ Գարակէօզեան Տան միջեւ ծագած տհաճ խնդրին:
Նորին Ամենապատուութիւնը Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հետ շինիչ հանդիպում մը ունեցաւ՝ ընդգծելով համայնքային շրջանակներու դրական ակնկալութիւնները, որպէսզի թիւրիմացութիւնները յաղթահարուին եղբայրական սիրոյ ոգիով: Ճաշասեղանի շուրջ կազմակերպուած տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ խումբ մը ազգայիններ: