ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ
Մեր եկեղեցիներէ ներս պաշտամունքի ատեն քորոնաժահրի դէմ նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնուին:
Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ համայն աշխարհի մէջ յամառ դիմադրութիւն համաճարակի դէմ, որ կը շարունակէ խլել զոհեր:
Մեր եկեղեցիներէ ներս պաշտամունքի ատեն քորոնաժահրի դէմ նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնուին:
Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ համայն աշխարհի մէջ յամառ դիմադրութիւն համաճարակի դէմ, որ կը շարունակէ խլել զոհեր:
Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի գահակալութեան 7-րդ տարելիցին առթիւ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ։ Այսպէս, Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եղեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք՝ հանդիսապետութեամբ Անգարայի մօտ Պապական նուիրակ Մոնս. Ռասըլի։
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը ներկայ եղանակին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Այսպէս, շիշլիցիները Թուրքիոյ ֆութսալի լիկին մէջ յաջողեցան բարձրանալ աւարտականի փուլին։
«Ատալէթ» կուսակցութեան ընդհանուր նախագահ փրոֆ. տքթ. Վեճտէթ Էօզի գլխաւորութեամբ՝ կուսակցականներու պատուիրակութիւն մը, 10 մարտ, երեքշաբթի, յետմիջօրէին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին կուսակցութեան Կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամները, որոնցմէ եօթը՝ փոխ-նախագահներ էին։
Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ նախընթաց օր Հայ Կաթողիկէ հասարակութենէն ներկայացուցիչներ համախմբուեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններու առթիւ։ Այսպէս, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի գլխաւորութեամբ առաւօտուն ժամերգութիւն մը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հուսկ բանքը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին. «Որպէս Պոլսոյ պատրիարք՝ հպարտ եմ, թէ Պոլսոյ համայնքի ծոցէն դուրս եղած արժէք մը հարիւր տարի յետոյ այսօր կրկին հրապարակ կը դրուի եւ յօգուտ ամբողջ հայութեան վերստին կը մատուցուի»:
«Կը շնորհաւորեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագիր պարոն Արա Գօչունեանին, որ ընտանեկան ժառանգը կը կրէ մինչեւ այսօր, թոյլ չէ տուած, որ գանձ մը գրադարաններու փոշոտ դարակներուն մէջ մնայ, այլեւ՝ նորոգուի, վերահրատարակուի եւ մեր այսօրուան ժողովուրդի պէտքերուն համար մատակարարուի։ Շնորհակալութիւն նաեւ Վեհափառ Հայրապետին»:
Պատրիարքարանի աղբիւրները կը տեղեկացնեն՝ երէկուան դռնփակ ժողովի մասին.-
Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ՝ Կրօնական ժողովի անդամներու եւ համայնքային ու թաղային մարմիններու ատենապետներու մասնակցութեամբ 18 փետրուար 2020-ին կայացած խորհրդակցական հանդիպումին կազմուած Կեդրոնական սեղանը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, երէկ, յետմիջօրէին ունեցաւ իր անդրանիկ հանդիպումը՝ նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։
Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից ակումբին մէջ երէկ երեկոյեան ցուցադրուեցաւ «Արարատի եւ Անիի մոռցուած երեսը» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը եւ ներկայացուեցաւ համանուն գիրքը։ Հիւանդանոցի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մշակութային գործունէութիւններու երրորդն էր այս մէկը։
Նորաստեղծ Կեդրոնական սեղանին շուրջ վաղը պիտի գումարուի անդրանիկ ժողովը՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ:
Գումգաբուի մէջ սկիզբ կ՚առնէ ճակատագրական աշխատանք մը, որու յաջողութիւնը կրնայ պայմանաւորել թրքահայ համայնքային կեանքէ ներս վերելքի շրջան մը:
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը, որու ատենախօսն էր Տքթ. Նորա Թաթարեան։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը՝ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ։