Թրքահայ կեանք

ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Ֆէրիգիւղի վարժարանին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքը եզրափակուեցաւ նախընթաց օր «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման արարողութիւնով։
Փոքրերու դասաւորման մէջ մրցաշարքին մասնակցեցան չորս վարժարաններու խումբեր՝ Մէրամէթճեան (երկու կազմով), Տատեան, Գարակէօզեան եւ Եշիլգիւղ։ Ֆէրիգիւղցիները եղան յառաջատարը։

ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԵՐԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ 8-ՐԴ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ

Շաբաթավերջին պոլսահայ վարժարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած նկարչութեան մրցոյթը, որ այլեւս դարձած է աւանդական։ Քրիստին Սալերիի հարազատներուն նախաձեռնութեամբ ստեղծուած համանուն հիմնարկին կողմէ ութ տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի այս մրցոյթը, որ այս տարի եւս համախմբեց մեր դպրոցներու տղաքը, որոնք ստեղծագործեցին եւ այս ստեղծագործութիւններուն արդիւնքը յառաջիկայ շրջանին պիտի արժեւորուի դատակազմին կողմէ։

ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, Տարեցներու շաբթուան առթիւ, երէկ, կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեց հաստատութեան մնայուն բնակիչներուն համար։ Այս առթիւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները յատուկ փոխադրամիջոցներով առաջնորդուեցան Ֆլորիայի «Տեւելի» ճաշարանը, ուր համախմբուեցան սեղաններուն շուրջ։

ՍԻՊԻԼ ԱՆՑԱՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԷՆ

Ուրուկուայի «Ռատիօ Արաքս»էն կը տեղեկացնեն.-
Հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր զաւակներ Կոմիտասի եւ Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի առիթով, անոնց ասոյթներով համեմուած խօսքով Մոնթէվիտէոյի «Սիթառոսա» սրահին մէջ, աւելի քան 400 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Արաքս ռատիօժամի յոբելենական համերգը:

ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱՂՕԹՔ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մեր համայնքի բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն նորոգ հանգուցեալ Տքթ. Ժիրայր Քայնարի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Յուզումնախառն եւ փառաշուք արարողութիւնով մը հրաժեշտ տրուեցաւ Տքթ. Ժիրայր Քայնարի, որ այնքան բարի եւ անթառամ յիշատակ մը թողած է իր ետին։

ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս վերջերս տեղի ունեցան ձեռնագնդակի եւ փինկ-փոնկի մրցաշարքեր։ Դպրոցի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցան միջվարժարանային այս մրցաշարքերը։

ԱՌԱՋԻՆ ԱՅԳՈՒՑԸ

Շիշլիի գերեզմանատան երէկուան արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան:
Հոգելոյս Պատրիարք Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի շիրմին մինչեւ շաբաթավերջ մաս առ մաս հող պիտի աւելցուի: Երանաշնորհ Հոգեւոր Պետի հողակոյտի մակերեսը միշտ ծածկուած կը մնայ թարմ ծաղիկներով:

ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Էսաեան վարժարանի մարմնամարզի խումբը վերջերս նուաճեց Իսթանպուլի ախոյենութիւնը։ Արտա Արսլան, Սիմոն Նալճը եւ Արաս Պուլկուր կը գտնուէին Էսաեանի կազմին մէջ, որ Իսթանպուլի միջվարժարանային առաջնութեան ծիրին մէջ փոքրերու դասաւորումէն ներս հանդիսացաւ ախոյեան։

Էջեր