ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Սիրեցեալ Ժողովուրդ մեր,
Ինչ աղիտալի բան կ՚ըլլար մահը, երբ չըլլար յարութիւն մեռելոց, երբ այդպէս գիտնայինք ու հաւատայինք՝ թէ մահուամբ կը հողանանք, եթէ այդպէս գիտնայինք՝ թէ մեր մարմինն ու հոգին պիտի մնան նեխած ու փտած ու յաւիտենապէս խառնուած՝ կոշտ ու կարծր հողին հետ, այսպիսի գաղափար մը մեզի համար սոսկալի բան մը պիտի ըլլար։