ՎԱՌ ՈՒ ԽՕՍՈՒՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Իսթանպուլի հայերը» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը:
Լուսանկարիչ Մուրատ Էզէրի գործերը արժանացան այցելուներու անմիջական հետաքրքրութեան եւ բոլորը գնահատանքով շնորհաւորեցին զինքը՝ տպաւորուած դիտարկման կարողութիւններով: