ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՈՍՏՈՒՄ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ նախագահեց Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Տատեան վարժարանը յառաջիկայ շրջանին պիտի ունենայ լիսէի բաժին մը, ինչ որ նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դնէ մեր կրթական կեանքը: Թաղի աղօթատունը պիտի վերանորոգուի հիմնովին: