ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՆՈՐ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Նորին Սրբազնութիւնը Գումգաբուի մէջ տեսակցեցաւ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի եւ տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց կ՚ուղեկցէր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը։ Օրուան պատարագիչն էր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան առաջնորդութեամբ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութի։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ճատրակի խումբը շաբաթավերջին մասնակցեցաւ «Թերաքքի» հիմնարկի դպրոցներուն կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքին։ Այս տարի 25-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ աւանդական դարձած այս ճատրակի մրցաշարքը, որու արդիւնքին Մէրամէթճեան վարժարանի խումբը հանդիսացաւ ախոյեան։