ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու խումբ մը ներկայացուցիչներ։ Ընդհանրապէս Հայաստանէն, նաեւ Սփիւռքէն այս լրագրողներու խումբը քաղաքիս մէջ կը գտնուի հետեւելու համար Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն։
Գարակէօզեան վարժարանէն խումբ մը սաներ երէկ մեկնեցան Իտալիա՝ մասնակցելու համար Վենետիկի պիէնալին, որ այս տարի կը կազմակերպուի 56-րդ անգամ։ Վարժարանի փոխ-տնօրէնուհի Նարօտ Քուրուղօղլուի ուղեկցութեամբ, Վենետիկ մեկնեցան՝ Առէն Տէմիրճի, Ապայ Թէքքոլ, Հելին Մենթեշէ եւ Քարլա Տէմիրճի։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ գաւառի մեր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։