ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏ
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ այսօր տեղի կ՚ունենայ կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը։ Մեր վարժարաններուն մէջ գործող կամ հանգստեան կոչուած կրթական մշակներ այս առաւօտ մասնաւոր փոխադրամիջոցներով Ֆէրիգիւղէն ճամբայ ելան դէպի Վոսփոր՝ Գալէնտէր թաղամասը, ուր «Գաղտնի պարտէզ» զբօսարանին մէջ կ՚անցընեն իրենց օրը։
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան եւ պսակի արարողութիւն։ Խորապէս տպաւորիչ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ տերսիմցի տասներկու պատանիներու եւ չափահասներու Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան ընթացքին։ Մկրտութեան յաջորդեց անոնց շարքին երկու զոյգերու Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը։