ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Գուրուչէշմէի «Սուատա»ին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ գալֆաեանցի կանանց կէսօրուան ճաշի հաւաքոյթը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Վարժարանի տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ ծնողաց միութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան հաստատութեան զանազան թաղերէ համակիրները։

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը երէկ մեծարեց իր վաստակաւոր վիճակաւորը՝ Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեանը։ Այս առթիւ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։