ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐՈՒԱՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանը եւ վարժարանի Մատակարար մարմնէն Սօնա Մորպոյաճըն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, թէ Մխիթարեանի ընտանիքը այս տարի եւս կը պատրաստուի իրականացնել աւանդական խաւիծի օրը, որու նախապատրաստական աշխատանքները կ՚ընթանան թափով։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ գաւառի մեր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներուն եւ մեր գեղարուեստական կեանքի ծանօթ անուններէն մին՝ Կարօ Այվազ։