ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏ
ԱՔ կուսակցութեան Սկիւտարի մասնաճիւղի ղեկավարութիւնը երէկ երեկոյեան նաւապտոյտ մը կազմակերպեց Վոսփորի մէջ։ Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին զուգադիպած այս ծովապտոյտին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նոյն կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Մարգար Էսաեան։


Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի քաղաքապետարանի վերանորոգեալ շէնքին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Հաւաքոյթին հրաւիրուած էր նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Պաշտօնական ճառերէն վերջ, Էրտողանի գլխաւորութեամբ պատուոյ հիւրերը միասնաբար հատեցին վերանորոգեալ պատմական շէնքի մուտքին պարզուած խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը։