ՀՈԳԵՒՈՐ ՑՆԾՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Պոլիսէն եւ Ատըեամանէն 19 երախաներ երէկ մկրտուեցան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն ու ծէսին համաձայն:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հաւաքական մկրտութեան հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան:

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութեան յատկանշական հանգրուանը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ Կիրակի նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշած է պարգեւատրել Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի սիւներէն Ղազարոս Ունանը, որ երկար տարիներ բեղուն մասնակցութիւն բերած է նաեւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին։