ԻՍՄԱՅԻԼ ՔԱՀՐԱՄԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ
Ազգային մեծ ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, խորհրդարանի նախագահ վերընտրուեցաւ Իսմայիլ Քահրաման։
Ազգային մեծ ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, խորհրդարանի նախագահ վերընտրուեցաւ Իսմայիլ Քահրաման։
«Ես չափազանց լաւատեսութիւն չեմ յայտներ, սա դժուար խնդիր է եւ բանակցութիւններու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնք շուտ չեն աւարտիր»:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները այս առաւօտ բանակցութիւններ վարեցին ու մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ:
12-րդ դարու վերջին եւ 13-րդ դարու սկիզբին կառուցուած կրօնական, կրթական եւ մշակութային մեծ կեդրոն Գոշավանքի նորոգման, ամրակայման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս տարի վերականգնման գործընթացը սկսած է Սեպտեմբերին:
Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան խտացեալ աշխատանք կը տանին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ:
Սոչիի գագաթաժողովի սեմին, արտաքին գործոց նախարարներու ժողով մը տեղի ունեցաւ՝ Անթալիայի մէջ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման արշաւին ընդառաջ:
Արցախի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի հաստատուին ոռոգման համակարգեր եւ արեւային ուժանիւթի կայաններ:
Հայաստանի Մանուկներ հիմնադրամը (COAF) մօտալուտ տօներուն ընդառաջ՝ սիրով կը յայտարարէ ամենամեծ բարեգործական միջոցառման՝ 14-րդ ամենամեայ դրամահաւաք-երեկոյի մասին։
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ թատերագիր, 18-րդ դարու ֆրանսական իրապաշտական կատակերգութեան ներկայացուցիչ Փիէռ Օկիւստէն Քարոն տը Պոնմարշէի թատրերգութեան հիման վրայ բեմադրուած «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» ներկայացումը ժամանակակից, հետաքրքրական, անսպասելի լուծումներով կը ներկայացուի Երեւանի «Հրաչեայ Ղափլանեան» տրամաթիքական թատրոնին մէջ։
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբաթ դարձեալ պիտի այցելէ Ռուսաստան։ Ներկայ շաբթուան սկիզբին ան Սոչիի մէջ տեսակցած էր Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Իր յառաջիկայ այցելութիւնն ալ նախատեսուած է դարձեալ դէպի Սոչի։
Անգարա-ԵՄ յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ բազմակողմանի քննարկումներ:
Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան հարթակի անդամները հիւրընկալուեցան Ֆրանսական պալատին մէջ: