ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ
Վաղը Վիեննայի մէջ պիտի սկսի ԵԱՀԿ-ի (Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը։ Սա այս կազմակերպութեան նախարարներու խորհուրդի 24-րդ նիստն է։ Երկօրեայ հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Ֆրանսա եւ Զուիցերիա։ Աւելի քան տասնօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան եղաւ Մարսէյլի, Լիոնի, Վալանսի, Տեսինի եւ Կրընոպլի մէջ։
Արցախի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան ռազմափորձեր։ Այս զօրավարժութիւններուն մասնակցեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Մովսէս Յակոբեան եւ հայկական բանակի բարձրագոյն հրամանատարութենէն դէմքեր։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութիւններուն՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Մայքըլ Քրիսթիտիս վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան. «Կատարելութիւնը հորիզոնի նման փախուստ կու տայ մեզմէ»:
Եղիշէ Չարենցի մահուան 80-ամեայ տարելիցին առթիւ հայ գրողները, ուսուցիչներն ու աշակերտները Երեւանի մէջ ծաղիկներ զետեղեցին մեծ գրողի յուշարձանին: