ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԱԾ
Ազգային մեծ ժողովի որոշումով Թուրքիոյ մէջ արտակարգ վիճակի դրութիւնը երէկ երկարաձգուեցաւ եւս երեք ամիսով։ Կառավարութեան համապատասխան որոշմնագիրը արժանացաւ խորհրդարանի հաւանութեան եւ այսպէսով երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը չորրորդ անգամ երկարաձգուեցաւ։