Լրահոս

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ 115-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՎԱԼԵԹԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀՆՉԵՆ ՄԵԾ ՅՕՐԻՆՈՂԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԳՈՐԾԵՐԸ

Եւրոպայի մշակութային մայրաքաղաք հռչակուած Վալեթայի մէջ, Ապրիլի 15-30 թուականներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մշակոյթի օրեր, որու շրջանակէն ներս կ՚իրականացուի համերգ մը՝ նուիրուած Արամ Խաչատուրեանի յոբելեանին:

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ

Թուրքիա ուժանիւթի բնագաւառէն ներս մեծ ու երկարաժամկէտ ոստում մը կ՚ընէ՝ ձեռնարկելով իր առաջին հիւլէակայանի կառուցման:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին ժամադրուեցան՝ որպէսզի 2023 թուականին Աքքույուի մէջ միասնաբար մասնակցին բացման արարողութեան:

ԴԱՐՁԵԱԼ ԵՐԵՔՈՎ

Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահները կը քննարկեն տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրները:
Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդհանուր կացութիւնը կ՚ենթարկուի արժեւորման:

ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ վերջերս ստորագրուած հրամանագրերով կատարուեցան նոր դեսպաններու նշանակումներ։ Այսպէս, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեան ազատուեցաւ իր պաշտօնէն։ Չիտէճեան հայկական դիւանագիտութեան տուայէն դէմքերէն մին է։

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳԸ ԱԶԴԱՆՇԱՆ ՏՈՒԱՒ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծիրէն ներս հարցազրոյց մը տուաւ «Աթլանթիք» հանդէսին։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Իսրայէլ ունի իր տարածքին տէր ըլլալու իրաւունքը։

Էջեր