ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՀԱՒԱՔԱՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Նիքշա Փաւցեւիչ, հրապարակեց անունները այն մարզիկներուն, որոնք պիտի նախապատրաստուին 23 եւ 26 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյենութեան զտումի մրցումներուն:
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Նոր սերունդ» երիտասարդական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ գորգագործութեան արուեստի դասընթացք մը՝ «Ջուլհակի գորգ» խորագրեալ։
Office K2 «Ճաբոնական երաժշտական նախագիծ»ը համերգային ծրագրով հանդէս եկաւ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենսի հետ։ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 79-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Մոլտովայի Նախագահ Իկոր Տոտօն, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւր ղեկավարի ի պատիւ նախագահական ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ դիմաւորման արարողութիւն։
Հայաստանի Էսթրատային երաժշտութեան աստղերը Stars of Armenia խորագրեալ համերգ մը սարքած են Թիֆլիզի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս երեկոյթը կայացած է Թիֆլիզի համերգասրահի բեմին վրայ։
«Գալիֆորնիա քուրիըր»ի հրատարակիչ-խմբագիրը ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած է թրքահայութեան հրատապ օրակարգին շուրջ:
Հայաստանի մէջ աշխատանք կը տարուի մինչեւ 2040 բնակչութիւնը 4 միլիոնի հասցնելու ուղղութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Ռուսաստան։ Ան Սոչիի մէջ պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։