ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԷՆ ՊԱՐԳԵՒ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց շուէտահայ լրագրող, բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց շուէտահայ լրագրող, բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանը:
Լոս Անճելըսի մէջ, նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին, Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան քարտուղարուհի Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսի հեղինակած «Ահա կինը» գիրքին գինեձօնը:
Երեւանի Պետական համալսարանի երդիքին տակ գիտաժողով մը՝ Թուրքիա-Հայաստան կապերուն շուրջ:
«Քաղաքական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը չի կրնար խանգարել երկու հասարակութիւններու միջեւ շփումները»:
Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակման դէմ աննախընթաց վերաբերմունք:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները առաջին անգամ մատնանշեցին բախումներու պատասխանատուն: Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, Պաքու կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրերը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան փոքրամասնութիւններու բաժանմունքէն պաշտօնատարներ երէկ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը ունեցան՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան շուրջ ստեղծուած առկայ տագնապալի կացութեան եւ անոր յաղթահարման ուղիներուն մասին, ծաւալուեցան քննարկումներ հաշուի առնելով բոլոր տեսակցի մանրամասնութիւնները։
Դէպի օրինական ու արդար լուծում։
Արժեւորելով վերջին մօտաւորապէս երեք ամիսներու զգայացունց իրադարձութիւնները եւ թրքահայ համանքային կեանքէն ներս յառաջացած փակուղին՝ պատկան մարմինները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն՝ ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանգամանքը ճանչնալու ուղղութեամբ։
Յաջորդ շաբթուան ընթացքին շփումները պիտի շարունակուին պետական շրջանակներուն հետ եւ այդ հիման վրայ աստիճանաբար պիտի բիւրեղանայ պատրիարքական ընտրութեան հարցը։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հրաժեշտ առաւ Մոսկուայէն, ուր մեկնած էր մասնակցելու համար Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին։ Երէկ երեկոյեան, ժողովներու աւարտին, հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։
Ամերիկեան Forbes հանդէսը իր յունիսեան թիւի կափարիչին վրայ զետեղած է ամերիկեան Ani&Alex ոսկերչական ապրանքանիշի հիմնադիր Քարոլայն Ռաֆայէլեանը:
Հայաստանի մէջ օրկանական եւ բնական միրգ-բանջարեղէնէ պատրաստուած պահածոներով, անուշներով եւ հիւթերով բեռնուած բեռնատարը ուղեւորուեցաւ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ հինգաստղանի հիւրանոցներուն մատակարարելու համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի այս առաւօտեան անդրանիկ նիստը:
Օրէնսդիր իշխանութեան գլխաւոր դէմքերը կը փոխուին: Արա Պապլոյեան խորհրդարանի նախագահի ամենահաւանական թեկնածուն: Կառավարութեան կազմին մէջ ալ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին՝ մեծամասնութեան տէր ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի միջեւ ստորագրուած համախոհութեան համաձայնագրի լոյսին տակ: