Լրահոս

«ԱՆՀՈՒՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԱՏԱԾ Է ՀՈԳԻՍ»

Իսթանպուլ ժամանելէ առաջ տեղապահին հարցազրոյցը՝ «Հայ Ձայն» կայքէջին:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան լաւատես է՝ որովհետեւ 9 տարի վերջ մեր համայնքը պիտի ունենայ իր նոր պատրիարքը:
«Ես այձնապէս պատրաստ եմ՝ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի փորձառութենէն օգտուելու»:

ԹՈՒՐՔԻԱ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՄՆ-Ի ՔԱՅԼԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Պեշթեփէի նախագահական պալատէն ներս տեղի ունեցած ժողովը տեւեց շուրջ չորսուկէս ժամ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստէն վերջ հրապարակուեցաւ զեկոյց մը։

Հայաստանի Մէջ Պիտի Արգիլուի Հասարակական Վայրերու Մէջ Ծխելը

Հայաստանի մէջ մօտ ապագային պիտի արգիլուի հասարակական վայրերու մէջ ծխելը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ չափահաս տղամարդոց աւելի քան 55 առ հարիւրը ամենօրեայ ծխողներ են, իսկ կանանց 3 առ հարիւրը, սակայն շատ են նաեւ ոչ ամէն օր ծխողները:

Այսօր Երախաներու Պաշտպանութեան Միջազգային Օրն է

Այսօր Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է: Անիկա սահմանուած է 1925 թուականին՝ Ժընեւի մէջ երախաներու պաշտպանութեան համար հը-րաւիրուած համաշխարհային համաժողովին ընթացքին:

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐ Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆ ԹԵՒԱԿՈԽԱԾ Է ԻՐ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԷ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Ինչպէս միշտ, իր այցելութիւնով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ, սակայն այս անգամուան այցելութիւնը ունէր առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, Զէքիեան Գերապայծառ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը պատուեց՝ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակի յոբելենական շրջանին։

ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱ

Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագրին ձօնուած հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ Երեւանի Մատենադարանի նիստերու դահլիճի երդիքին տակ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Մենք կարեւոր քայլ կ՚առնենք դպրոցական միջազգային բարձր չափանիշներ հաստատելու ուղղութեամբ։ Այսօր կ՚ազդարարենք առաջին քայլը»:

25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը բոլորեց իր ծաւալուն գործունէութեան քառորդ դարը:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան հերթական ժողովը՝ գլխաւորութեամբ Սերժ Սարգսեանի:

Էջեր