Լրահոս

ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Հայաստանի Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէն նշանակուեցաւ յայտնի լրագրող Մարկ Գրիգորեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս պաշտօնին կոչուեցաւ Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդի երէկուան որոշման հիման վրայ։

ԻԶԱՊԷԼ ՊԱՅՐԱՔՏԱՐԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ

​Գանատահայ յայտնի մեներգչուհի Իզապէլ Պայրաքտարեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, ուր մաս կը կազմէ «Արամ Խաչատրեան» 13-րդ միջազգային երաժշտական մրցոյթի դատակազմին։ Իզապէլ Պայրաքտարեան, որ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» օփերայի մենակատարներէն մին է, երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։

«Սայաթ Նովա» Փառատօնը Կը ՍԿՍԻ

Բանաստեղծ, աշուղ Սայաթ Նովայի անունը կրող «Սայաթ Նովա» փառատօնը այս տարի պիտի մեկնարկէ Յունիսի 16-ին Թիֆլիզի մէջ եւ պիտի եզրափակուի Յունիսի 18-ին Երեւանի մէջ: Փառատօնին մասին մանրամասնութիւնններ յայտնեցին կազմակերպիչները:

Էջեր