Լրահոս

ՏԱԹԵՒԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի նախաձեռնութեամբ, վերջերս, Տաթեւի վանական համալիրի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պետական ազգային ակադեմական երգչախումբին համերգը։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի Ժընեւի նախընթաց օրուան կարեւոր հանդիպման լոյսին տակ դրական ակնկալութիւններ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը եւ ԵԱՀԿ-ի աւստրիական նախագահութիւնը ողջունեցին գագաթաժողովը ու շեշտ դրին խաղաղութեան պատրաստութեան վրայ:

ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Դ. ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի Հայկական 4-րդ համաժողովին

ՇԻՆԻՉ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնէն ներս, ուր ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները, որոնք երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը:
Սերժ Սարգսեան. «Պայմանաւորուեցանք՝ միջոցներու ձեռնարկելու լարուածութիւնը ա՛լ աւելի թուլացնելու համար, որպէսզի առաջնագծի վրայ չունենանք զոհեր։ Պէտք է ըսեմ՝ թէ՛ Իլհամ Ալիեւ եւ թէ ես խորապէս շահագրգռուած ենք այս ուղղութեամբ։ Տայ Աստուած, որ միշտ ունենայ այդ համոզումը»:

Էջեր