ՊԵՏԻԿԵԱՆԷՆ ՍԻՐԱՎԷՊ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Լոս Անճելըսի մէջ վերջերս լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գէորգ Պետիկեանի նոր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը»։ Գէորգ Պետիկեան մօտէն ծանօթ է այն լսարանին, որ արեւմտահայերէնով հաղորդակցութեան ի վիճակի է։