ՓՈԽԸՄԲՌՆՄԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ
Անգարայի նախատեսած հունով՝ Պաքու եւ Դամասկոս հիմք կը դնեն ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան:
Սուրիայէն պաշտօնական այցելութիւն դէպի Ատրպէյճան, ուր դիւանագէտներու միջեւ գաղտնի շփումներ տեղի ունեցած են Իսրայէլի հետ:
Անգարայի նախատեսած հունով՝ Պաքու եւ Դամասկոս հիմք կը դնեն ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան:
Սուրիայէն պաշտօնական այցելութիւն դէպի Ատրպէյճան, ուր դիւանագէտներու միջեւ գաղտնի շփումներ տեղի ունեցած են Իսրայէլի հետ:
ՓՔՔ կազմակերպութեան երեսուն անդամէ բաղկացեալ խումբ մը երէկ զէնքերը հրկիզեց Հիւսիսային Իրաքի Սիւլէյմանիէ քաղաքի մերձակայքին։ «Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» գործընթացէն ներս անկիւնադարձային, պատմական նշանակութեամբ իրադարձութիւն մը եղաւ այս մէկը, ինչ որ աստիճանաբար կրնայ նոր հարթութեան մը վրայ դնել Թուրքիոյ ներքին քաղաքական համայնապատկերը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախընթաց օր Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը լայն արձագանգ ստեղծած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ քննարկեցին միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգի զանազան երեսակներ։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տանտիրութեամբ, Ապու Տապիի մէջ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հանդիպում մը, որ տեւեց շուրջ հինգ ժամ։
Սեւծովեան առեւտուրի ու զարգացման դրամատան կառավարիչներու խորհուրդի տարեկան ժողովը:
Հանրապետութեան նախագահ Խաչատուրեանի մասնակցութեամբ՝ «Հայաստան. տարածաշրջանային յաջողութեան արագացում»:
Մարքօ Ռուպիօ եւ Սերկէյ Լաւրով երէկ շուրջ 50 վայրկեան քննարկումներ ծաւալեցին Մալեզիայի մէջ:
ԱՄՆ կը գանգատի Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան լուծման համար յառաջընթացի առկայ բացակայութենէն:
Ֆրանսա-Անգլիա առանցքին վրայ դարձեալ հրատապ՝ ապօրինի գաղթի դէմ պայքարի խստացումը:
Փարիզ եւ Լոնտոն կը ձգտին պաշտպանութեան գետնի վրայ գործակցութեան թափ տալ՝ միջազգային անկայունութեան պայմաններով:
Ռուսաստանի 102-րդ ռազմակայանը, որ կը գտնուի Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ, երէկ երեկոյեան պատահած ծանրակշիռ դէպքով մը հանրային կարծիքի ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուեցաւ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շաբաթ օր էր: Ըստ սովորութեան՝ օրուան հեւքէն հեռու սենեակս քաշուած, սանկ անկիւն մը նստած, չեմ գիտեր որքան ատենէ ի վեր երբ կը թղթատէի համակարգիչիս կայքէջերուն վրայ «փռուած» եւ տարածուած հայ մամուլին տեղաւորած էջերը, յանկարծ աչքերս կեդրոնացան Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրականին վրայ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ տեսակցեցան Ապու Տապիի մէջ:
Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացէն ներս ամենաբարձր մակարդակի վրայ ժամադրութիւն՝ Ուաշինկթընէն հնչած դրական սպասումներուն զուգահեռ: