Լրահոս

ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ «ՉՏԵՍԱԿԱՆ» ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

33 տարի առաջ այս օրերուն՝ 1991 թուականի օգոստոսի 20-ին կամ 21-ին, Հայաստանի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հաւաքեց լրագրողներս (այն ատեն «Ա1+»ի մէջ կ՚աշխատէի) եւ խնդրեց կշռադատուած լուսաբանել Արտակարգ դրութեան պետական ​​կոմիտէի հետ կապուած իրադարձութիւններ:

ԽԵԼԱՑԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իսրայէլ-Լիբանան լարուած առանցքին վրայ լրտեսական ցանցերու գոյութիւնը միշտ հիմնական գործօն:
Տարաբնոյթ առաւելութիւններէն զատ, միշտ կայ լարուածութիւն, որու յաղթահարման պայմանն է Կազզէի պատերազմին կասեցումը:

ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԲԵՌԻՆ ՏԱԿ

Հայաստանին հասցուած մեծագոյն վնասներէն մէկը՝ հասարակութեան արհեստական բաժանումն է հակադիր խումբերու: Եւս աւելի մեծ անհեթեթութիւն է, երբ բաժանումը տեղի կ՚ունենայ՝ ըստ հասարակութեան ռուսամէտ եւ արեւմտամէտ խումբերու:

ՉԵԼՍԻ ՔԼԻՆԹԸՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ԱՒՐՈՐԱ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ հաղորդուեցաւ, որ համանուն մրցանակի ընտրող յանձնաժողովին միացած է «Քլինթըն» հիմնադրամի փոխ-նախագահ տքթ. Չելսի Քլինթըն, որ հանրային առողջութեան յայտնի փորձագէտ մըն է։

ՄԱՀ՝ ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆԻ

Հայ իրականութիւնը կը սգայ զուիցերահայ ազգային բարերար Տիգրան Իզմիրլեանի կորուստը։ Ան իր սերունդի տիրական ու խորհրդանշական դէմքերէն մին էր, գործարար կեանքէ ներս արձանագրած էր մեծ յաջողութիւններ, որոնց արդիւնքէն լայն բաժին դուրս բերած էր հայութեան համար։

ՓՈՒԹԻՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր պետական այցելութեամբ կը գտնուի Պաքուի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու ղեկավարները կը վարեն բանակցութիւններ, որոնց ընդառաջ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցած էին, թէ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին հարցեր։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՄՐՈՑ

Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Վերափոխման տաղաւարին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն:
Մուսա լերան գողտրիկ սրբավայրը օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ երկրաշարժի պատճառած վնասներէն վերջ:

Էջեր