ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ
Իշխանական վարչախումբը սկսած է դիմել կոշտ բռնաճնշումներու՝ զանգուածային ծեծուջարդ, ձերբակալութիւններ, առեւանգումներ, անհնազանդութիւն յայտնող քաղաքացիներու դէմ ապօրինի գործողութիւններ եւ այլն։ Հասկնալի է, որ հանրային աջակցութիւն չունենալով՝ իշխանութիւնը կրնայ յենուլ միայն ոստիկանութեան կամ արտաքին որեւէ խաղացողի մը վրայ: