ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԿԱՅԱՑԱԾ
Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Սէրկէյ Սմբատեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով ամփոփեց՝ վերջերս կազմակերպուած Արամ Խաչատուրեանի չորրորդ միջազգային փառատօնը։ Այս տարի չորրորդ անգամ կազմակերպուած այս փառատօնի արդիւնքներուն շուրջ Սէրկէյ Սմբատեան խօսեցաւ դրական։ Ան համոզուած է, որ Արամ Խաչատուրեանի միջազգային փառատօնը այլեւս կայացած է եւ ունի իր ուրոյն տեղը երաժշտասէրներու շրջանակէն ներս։