Լրահոս

ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

ՀԲԸՄ 110-ամեակի յոբելենական շրջանին կը նախանշէ նաեւ յառաջիկայ գործունէութեան ուղղութիւնները:
Պերճ Սեդրակեան. «Սփիւռքի ուծացումը, ինքնութենէն հեռացումը մտահոգիչ է՝ Հայաստանէն արտագաղթի համազօր»:

ԷԼ ՊԱՊԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԵՐԿՈՒ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­նե­լու ժա­մա­նակ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ տուին նոր կո­րուստ­ներ։ Էլ Պա­պի շրջա­նէն ներս նա­հա­տա­կուե­ցան եր­կու թուրք զի­նուոր­ներ, ինչ որ խոր ցաւ պատ­ճա­ռեց ամ­բողջ երկ­րին մէջ։

ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԵՐ

Թուրքիա եւ Ռուսաստան ունին թէ՛ ներուժ եւ թէ կամք՝ իրենց համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով առաւել եւս զարգացնելու համար:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Վլատիմիր Փութինի եւ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ՝ քննարկելով բազմակողմանի հարցեր:

ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Անգ­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պո­րիս Ճան­սը­նի հետ։ Տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պրիւք­սէ­լի մէջ, ուր ա­նոնք կը գտնուէին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։

ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Իս­րա­յէ­լի Էյ­լաթ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Եւ­րո­պա­յի մին­չեւ քսան տա­րե­կան­նե­րու ծան­րա­բար­ձու­թեան ա­ռաջ­նու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տա­նի նե­րկա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Դա­ւիթ Յով­հան­նի­սեան այս մրցա­շար­քին ըն­թաց­քին դար­ձաւ ոս­կէ մե­տա­յլա­կիր։

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Թեհ­րա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Ի­րան-Հա­յաս­տան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի 14-րդ նիս­տը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թացքին հայ­կա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ա­շոտ Մա­նու­կեան։

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԻՏԻ ԱՐՏԱՅԱՆՁՆԷ ԱՆՑԵԱԼ ՅՈՒԼԻՍԻՆ ԽՈՅՍ ՏՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ

Յու­նաս­տա­նի դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րո­շե­ցին Թուր­քիա ար­տա­յանձ­նել ե­րեք զի­նուո­րա­կան­ներ, ո­րոնք 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ խոյս տուած էին այդ եր­կի­րը։ Հարկ է նշել, որ այս զինուոր­նե­րու պա­րա­գա­յին նախ տրուած էր չվե­րա­դարձ­նե­լու ո­րո­շում, սա­կայն Վճռա­բեկ դա­տա­ւոր­նե­րու խոր­հուր­դը բե­կա­նեց այդ ո­րո­շու­մը եւ այս­պէ­սով ո­րո­շուե­ցաւ զի­նուո­րա­կան­նե­րուն ար­տա­յանձ­նու­մը։

Էջեր