ՈԳԵՒՈՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքային շրջանակներէ երկու ծանօթ, աշխոյժ եւ շատ սիրուած դէմքեր՝ Ազնիւ Մեծատուրեանն ու Նաժտա Շատեանը։ Այս շրջանին Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։