Լրահոս

ՆՈՐ ԵԼՔԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ՈՐՈՆՈՒՄ

Կիպ­րա­կան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ Ժը­նե­ւի մէջ սկսած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վեր­ջին պա­հուն ձա­խո­ղե­ցան։ ՄԱԿ-ի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը սա­ռե­ցուած են։

ԱՆԻՐԱՏԵՍ ՅՈՅՍԵՐ

Ռու­սա­սատ­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը չի պատ­րաս­տուիր վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել Աբ­խա­զիոյ եւ Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­նե­րը։

ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԻ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԵՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Նիւ Եոր­քի մէջ շուրջ հա­զար ան­ձեր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի ծննդա­վայր Քուինզ թա­ղա­մա­սէն մին­չեւ Թրամ­փի երկ­նա­քե­րը քայ­լար­շաւ մը կա­տա­րե­ցին՝ առ ի պաշտ­պա­նու­թիւն բազ­մա­զա­նու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու: Քայ­լար­շա­ւը տե­ղի ու­նե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան դե­մոկ­րա­տա­կան ան­դամ Վան Պրայ­մը­րի հրա­ւէ­րով:

ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՊԱՏԳԱՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ:
«Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ պատ մըն է, եթէ այդ պատը փուլ գայ, ապա աշխարհ պիտի հրկիզուի։ Եկէք ոչ թէ քանդենք, այլ ամրապնդենք այս պատը»:

BLOOMBERG ԿԸ ԴՐՈՒԱՏԷ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԸ

Bloomberg գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կեց յօ­դուած մը, ո­րու մէջ ընդգ­ծուած է, որ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան կեդ­րո­նա­ցած է ա­րագ փո­փո­խու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու վրայ։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը թարգմա­նա­բար ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցաւ այդ յօ­դուա­ծին, ըստ ո­րու բո­վան­դա­կու­թեան Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան Հա­յաս­տա­նի մէջ լուրջ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կա­րի­քը կը տես­նէ եւ ա­նոր կող­մէ գլխա­ւորուած կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կ՚ա­ռա­ջար­կէ ա­մե­նաա­րագ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։

ՊԱՅՐԱՄՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀՐԴԵՀ

Իս­թան­պու­լի Պայ­րամ­փա­շա գա­ւա­ռա­կին մէջ այս ա­ռա­ւօտ հրդեհ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, ինչ որ մտա­հո­գու­թիւն ստեղ­ծեց ամ­բողջ քա­ղա­քին մէջ։ NTV-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, գոր­ծա­րա­նէ մը ներս ծա­գած հրդե­հը պատ­ճառ դար­ձաւ խու­ճա­պի։

ԵԽԽՎ-Ի ԿՈՂՄԷ ՀԻՒՐ

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽԽՎ) «Եւ­րո­պա­կան պահ­պա­նո­ղա­կան­ներ» խում­բի ղե­կա­վար Եան Լի­տըլ-Կրէյն­ճէր ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ԱՄՈԼԸ, ՈՐՈՒ ՈՐԴԻՆԵՐԸ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Դա­ւիթ եւ Նաթա­լի Գա­զան­ճեան ա­մո­լը։ Հարկ է նշել, որ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մէն խոյս տա­լով Հա­յաս­տան փո­խադ­րուած են Գա­զան­ճեան­նե­րը, ո­րոնց եր­կու որ­դի­նե­րը ծա­ռա­յու­թեան կո­չուած են Հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րուն մօտ։ Սու­րիա­հայ այս ըն­տա­նի­քի զա­ւակ­նե­րուն հա­յոց բա­նա­կէն ներս ծա­ռա­յու­թեան անց­նի­լը վեր­ջին օ­րե­րուն ստեղ­ծած է լայն ար­ձա­գանգ։

Երեւանի Մէջ ԱմանորԵԱՆ Տօնակատարութիւնները

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ կա­յա­ցած աշ­խա­տան­քա­յին հեր­թա­կան խորհր­դակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ՝ քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան յանձ­նա­րա­րած է քա­ղա­քա­պե­տի տե­ղա­կալ­ներ Ա­րամ Սու­քիա­սեա­նի եւ Դա­ւիթ Օ­հա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ստեղ­ծել աշ­խա­տան­քա­յին խումբ մը, որ սեղմ ժամ­կէ­տի մէջ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ Ա­մա­նո­րի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպման եւ ի­րա­կա­նաց­ման հա­մա­պար­փակ ծրա­գիր: Այս մա­սին կը յայտ­նեն Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի տե­ղե­կատ­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թե­նէն:

Էջեր