«ԱՐԱՍ» ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ ԳՈՐԾԸ ԹՐՔԵՐԷՆՈՎ
«Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է եզակի գործ մը, որ կը դասուի հայկական գրականութեան ամենայատկանշական երկերու շարքին։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ լոյս տեսած է Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպին թրքերէն թարգմանութիւնը։