ՈՐՄՆԱՆԿԱՐԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան Կիւմրիի մէջ յայտարարեցին նշանաւոր նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի «Սարերում» որմնանկարի վերականգնման ու պահպանման աշխատանքներուն աւարտը: Որմնանկարի վերականգնումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանի Մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին գանձատրմամբ:


«Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում, պէտք է կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով»:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի տնօրէնութեան որոշմամբ՝ Համազգային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար նշանակուած է բեմադիր, թատերագիր Վիգէն Չալտրանեան: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:
Թուրքիա կ՚ապրի ենթակառուցուածքային հերթական վիթխարի ծրագիր մը կեանքի կոչած ըլլալու արդար հպարտութիւնը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Աթէնք, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Յունաստանի Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի կողմէ։