ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՔԱՅԼ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաւէր-նամակ մը ուղարկեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին՝ տեղեկացնելով, որ պատրաստ է Պատրիարքական Աթոռին ղեկը յանձնել իրեն:
Վեհափառ Հայրապետը հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ երկու սրբազաններուն հետ:
Ընտրեալ-տեղապահը շուրջ տասը օրուան ընթացքին պիտի հասնի քաղաքս՝ ստանձնելու համար պաշտօնը: Պետրոս Շիրինօղլու երէկ ալ շփման մէջ էր Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի հետ:
Ընդհանուր փոխանորդը Գումգաբուի մէջ խորհրդակցեցաւ խումբ մը յառաջատար ազգայիններու հետ:
Սայաթ Նովայի յիշատակը յաւերժացնող «Վարդատօն-2017»ը տեղի պիտի ունենայ Մայիսի 28-ին Թիֆլիզի մէջ։ «Վիրահայերու միութիւն»ը՝ Թիֆլիզի քաղաքապետարանին, Հայաստանի եւ Վրաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն, Թիֆլիզի Պետրոս Ադամեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի եւ Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ կը կազմակերպէ աշուղ Սայաթ Նովային նուիրուած աւանդական «Վարդատօն»ը:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմանի համագործակցութիւնը կը զարգանայ զանազան ձեւաչափերու մէջ։ Այս երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները երէկ հանդիպում մը ունեցան Պաթումի մէջ, ուր կանգ առին ուժանիւթի միջոցներու եւ աղբիւրներու փոխանցման ընթացքին անվտանգութեան երաշխաւորման վերաբերեալ հարցերուն վրայ։
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Թուրքիա կը ջանայ տարածքաշրջանի երկիրներու հետ բոլոր ուղղութիւններով զարգացնել բազմակողմանի համագործակցութիւնը:
ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրութեան 25-ամեակին ձօնուած Իսթանպուլի երէկուան յոբելենական գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններուն միջեւ ծագեցաւ լարուածութիւն: