«ՈՍԿԷ ԳՆԴԱԿ» ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻՆ
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան հռչակուեցաւ Հայաստանի տարուոյն լաւագոյն ֆութպոլէօրը։ Երէկ, Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր արարողութեան մը ընթացքին ան ստացաւ իր «Ոսկէ գնդակ»ը։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ճազի յատկանշական համերգ մը։ Օփերայի համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը՝ «Նիւ Եորք-Երեւան ճազի ճանաչում» խորագրին ներքեւ։
«ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի ԵՓԿ-ի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ցաւ կը պատճառէ Թուրքիոյ»:
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտնեց, որ Եւրոպա պէտք է աւելի անկախ ըլլայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Rheinische Post թերթին համար գրի առած յօդուածին մէջ գերմանացի նախարարը նշեց հետեւեալը. «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի հետ գործընկերութիւնը Անդրատլանտեան հանրակցութեան հիմքն է, բայց Եւրոմիութիւնը պէտք է ի վիճակի ըլլայ ինքնուրոյն կարգաւորելու այն ճգնաժամերն ու հակամարտութիւնները, որոնք ի յայտ կու գան իր հարեւանութեամբ»։
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի յառաջիկայ Երկուշաբթի Մոսկուա պիտի այցելէ՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարտի 28-ին ծրագրուած է քննարկել Ռուսաստան-Իրան համագործակցութեան հարցերուն ամբողջ համալիրը՝ երկու երկիրներու ղեկավարներու բանակցութիւններուն ընթացքին։
Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խթանման համար հերթական նախաձեռնութիւն:
Ախալցխայի, Վրաստան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ օրհնութեամբ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ․ Վազգէն Եպսկ․ Միրզախանեանի՝ քաղաքին մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած է «Հայկական գաթա» փառատօնը, որ կը տօնուի քառասնօրեայ Մեծ պահքի Միջինքին:
Ատոլֆ Հիթլէրի անձնական հեռախօսը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած աճուրդով մը վաճառուած է 243 հազար տոլարով: Յենլով Alexander Historical Auctions աճուրդային տան յայտարարութեան՝ կը տեղեկանցնէ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը: