ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Եուրի Խաչատուրով եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ վերջին օրերուն հանդիպումներ ունեցան Երեւանի մէջ։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Եուրի Խաչատուրով եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ վերջին օրերուն հանդիպումներ ունեցան Երեւանի մէջ։
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Մինչ Եւրոմիութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, նախընթաց երեկոյեան Փարիզի մերձակայքին տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը։ Վերսայի պալատին մէջ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ հիւրընկալեց Գերմանիոյ, Սպանիոյ եւ Իտալիոյ վարչապետները՝ Անկելա Մերքէլը, Մարիանօ Ռախոյը եւ Փաոլօ Ճենթիլիոնին։
Անթալիոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր եռակողմանի հանդիպում մը։ Այսպէս, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար մէկտեղուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի եւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրին ընդառաջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ֆրանսայի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն Պաքու, իսկ Երեւան պիտի մեկնին այլ ժամանակ մը:
Էլմար Մամէտեարով. «Ռուսաստան լուրջ քայլերու կը ձեռնարկէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ»:
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին լոյս ընծայած է AURORA գիրքը։ Չմշկածագէն մինչեւ Հոլիվուտ՝ սա կնոջ մը կեանքն է եւ այդ ոդիսականին վրայ պատրաստուած է նաեւ ժապաւէն մը։
Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան ան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնին նոր նախաձեռնութիւնը:
Այս ամառ կը նախատեսուին՝ պատանիներու համար ճամբար եւ ուսուցիչներու ուղղեալ վարժընթաց:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ»։
Բարեգործական ձեռնարկը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ, տաղաւարներու այցելուներու շարքին էր Հրանոյշ Յակոբեան։