ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ 220 ՊԱՆԴՈԿ ՓԱԿՈՒԱԾ Է
2016-ին զբօսաշրջական մարզի աշխուժութեան նուազման պատճառով Եգիպտոսի մէջ փակուած են 220 պանդոկներ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, մեծագոյն կորուստը կրած է Շարմ Շէյխը, ուր աշխատանքէ դադրած են 54 պանդոկներ:
Արցախի անկախութեան 25-ամեակը՝ Ապրիլի պատերազմի յիշողութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտով:
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ հայկական հարցը դարձեալ որոշիչ գործօնի վերածուած:
Եդուարդ Նալպանտեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի արդի փուլի հարցերուն եւ անոնց յաղթահարման սկզբունքներուն անդրադարձաւ երէկ Փոտստամի մէջ կազմակերպուած՝ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին ընթացքին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մեկնեցաւ Չինաստան՝ մասնակցելու համար «G-20»ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։ Պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու մակարդակին վրայ կազմակերպուած այս գագաթաժողովը 11-րդն է իր նմաններու շարքին։
Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Շուլցը ընդունեց Պեշթեփէի պալատին մէջ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթ՝ Սեպտեմբերի 8-ին ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Պերաթ Ալպայրաք եւ Ալեքսէյ Միլըր երէկ մանրամասնօրէն քննարկեցին «Թրքական հոսք» ծրագիրը: