ԲՈՒՌՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի Ե. ժողովը:
Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Փորոշենքօ Ռուսաստանին ուղղեալ խիստ պատգամներ փոխանցեցին Անգարայէն:
Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի Ե. ժողովը:
Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Փորոշենքօ Ռուսաստանին ուղղեալ խիստ պատգամներ փոխանցեցին Անգարայէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ Լիբանանի քաղաքական թիւ մէկ օրակարգը Արաբական ծոցի համագործակցութեան երկիրներու կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնն էր, որով «Հիզպուլլահ» կը ճանչցուէր որպէս ահաբեկչական կազմակերութիւն, այդպէսով աննախընթաց լարուածութիւն ստեղծելով սիւննի աշխարհին եւ Լիբանանի միջեւ:
Անթիլիաս անհանգստացած՝ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացած դատի գործընթացի երկարաձգումէն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Ժընեւի մէջ: ԵՄԻԱ դիմելու մտադրութիւնը միշտ կը բարձրաձայնուի:
Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով:
Տիարպաքըրի Սուր գաւառակին մէջ վերջ գտան ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնները:
Սուրիոյ ճգնաժամի գծով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Սթեֆան տէ Միսթուրա յայտնեց, թէ այս հիմնախնդրի կարգաւորման համար նախատեսուած բանակցութիւնները յետաձգուած են Մարտի 15-ին։ Ծանօթ է, որ Սուրիոյ չափաւոր ընդդիմութեան ներկայացուցիչները պիտի մէկտեղուին Ժընեւի մէջ, մինչ Սուրիայէն ներս կը շարունակուի յարաբերական հրադադարը։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր հանդիպում մը կ՚ունենայ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան եւ Փութին կը քննարկեն ռազմավարական գործընկեր այս երկու երկիրներու համագործակցութեան ընթացքը զանազան ոլորտներէ ներս։
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի եւ Հայաստանի հանդիպումը։ 28+1 ձեւաչափին մէջ այս առթիւ քննարկուեցան կողմերու համագործակցութեան ընթացքն ու հեռանկարները։
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի տանտիրութեամբ այսօր կը սկսի Պաքուի կլոպալ ֆորումը, որ այս տարի կը կազմակերպուի չորրորդ անգամ։ Աւանդական դարձած այս ձեռնարկին մասնակցութիւն կը բերեն աշխարհի եօթ երկիրներէ նախագահներ, 27 նախկին նախագահներ, 23 նախկին վարչապետներ, եւ այլք։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին այցելեց Երեւանի մեթրոն, որ ձօնուած է Կարէն Տեմիրճեանի անուան։ Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ մեթրոյի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ ան ճամբորդեց «Բաղրամեան» կայարանէն մինչեւ «Զօրավար Անդրանիկ» կայարանը։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրի հիման վրայ՝ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Սամուէլ Մկրտիչեան։