ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՔ…
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պարտէզի պատերու արտաքին երեսին վրայ շաբաթավերջին անծանօթներու կողմէ գրի առնուեցան ցեղապաշտ լոզունգներ:
Երեսփոխան Մարգար Էսաեան եւ Անվտանգութեան տնօրէնները շարժման անցան անմիջապէս:
Խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով դէպքը խստիւ պախարակեց յաչս Թուրքիոյ Հանրապետութեան աչալուրջ քաղաքացիներուն:

Պրազիլի մայրաքաղաքը՝ Պրազիլիայի մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ հայկական դեսպանատան շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Պրազիլի Արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ժոզէ Սերա, Պրազիլի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ, բարձրաստիճան դիւանագէտներ եւ պրազիլահայ համայնքի ներկայացուցիչներ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով երէկ չորս հոգի եւս ձերբակալուեցաւ։

Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահը յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա:
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրազիլ, շաբաթավերջին Ռիոյի մէջ այցելեց ողիմպիական աւան։ Այս առթիւ ան հանդիպում մը ունեցաւ այն մարզիկներուն հետ, որոնք 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն կը ներկայացնեն Հայաստանը։