ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՔԻԵՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Քիեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին։
Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Երէկ երեկոյեան համայն ֆութպոլի աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Փարիզի վրայ։ «Եւրօ-2016»ի աւարտականը տեղի ունեցաւ «Սթատ տը Ֆրանս»ի մէջ, Սեն Տընի։
ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարը Վարշաւիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ:
«Երեւանի գիւտը. հայեացք՝ քաղաքի անցեալին ու ներկային» խորագրեալ էլէքթրոնիկ գիրք մը: