Յ. ՏԵՄԻՐՃԻԻՆ ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ մեր համայնքի երէց սերունդի նորոգ հանգուցեալ անդամներէն Յակոբ Տեմիրճիի յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Ծանօթ է, որ Յակոբ Տեմիրճի անցեալ շաբաթավերջին Էլմատաղի իր բնակարանին մէջ սահմռկեցուցիչ կողոպուտի մը հետեւանքով սպաննուած էր ոճրագործներու կողմէ։ Նոյն դէպքին ժամանակ վիրաւորուած էր իր 79-ամեայ կողակիցը՝ Սեդա Այտա Տեմիրճի։