ԴԱՏԱԿԱՆ ԲԺԻՇԿ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս Մութաֆեան Պատրիարքի սնարը ունեցաւ այցելու մը։ Բժշկապետ Արտաշէս Աքտաղի կողմէ տրուեցան անհրաժեշտ տուեալները։ Խնամատարի նշանակման համար բացուած դատին շրջագծով դարձեալ իրերամերժ շշուկներ շրջանառութեան մէջ մտած են տիրամայր Մարի Մութաֆեանի շուրջ։