ՊՈՒՆՏԵՍՏԱԿԻ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ՄԵՐՔԷԼԻՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԿՈՉՈՎ ՄԸ
Գերմանիոյ Պունտեստակէն ներս յառաջիկայ Յունիսի 2-ին օրակարգի վրայ պիտի գայ Հայկական հարցը։ «Die Zeit» թերթի հաղորդումներու հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Գերմանիայէն մտաւորականներ բաց նամակ մը հրապարակած են՝ Պունտեստակին եւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլին ուղղեալ։


Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Փարիզ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի կողմէ։
Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ արդէն զգալի է «Եւրոտեսիլ 2016»ի երգի մրցոյթին ոգեւորութիւնը։ Երէկ երեկոյեան Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչը, որու արդիւնքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Իվեթա Մուկուչեան յաջողեցաւ անցնիլ աւարտական հանգրուան։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի 114-րդ պատգամաւորական ժողովը: