Լրահոս

ՊԷՇԹԷՓԷԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ ե­րէկ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ անվ­տան­գու­թեան նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ բարձր մա­կար­դա­կով խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիա եւ Գերմանիա կը ձգտին լիակատար փոխըմբռնումով պայքարիլ գաղթականներու տագնապին համար։
Էրտողան եւ Տավուտօղլու երէկ հիւրընկալեցին Անկելա Մերքէլը։
Անգարայի եւ Պերլինի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ տասը կէտերու շուրջ։ Եգէականի մէջ ազդու նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնելու համար պիտի օգտագործուին նաեւ ՆԱԹՕ-ի դիտարկման հնարաւորութիւնները։ Թրքական կողմը ահազանգ կը հնչեցնէ Ռուսաստանի կողմէ կատարուած ռմբակոծումներուն դէմ։

ԱՄՆ-Ի ՀՐԵԱՅ ՀԱՄԱՆՔԻ ԱԶԴՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հրեայ հա­մայն­քի ա­մե­նաազ­դու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն կող­մէ խումբ մը ղե­կա­վար­ներ այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նան մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը ու­շագ­րաւ կը հա­մա­րէ այս պա­տուի­րա­կու­թեան շփում­նե­րը։

ՍԵՐՊԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Սեր­պիոյ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Մա­յա Կոյ­քո­վիչ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Ան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։

Արթուր Աբրահամ՝ Գերմանիոյ Տարուան Լաւագոյն Կռփամարտիկը

Հայազգի ար­հես­տա­վարժ կռփա­մար­տիկ, երկ­րորդ մի­ջին կար­գի աշ­խար­հի ա­խո­յեան Ար­թուր Աբ­րա­համ դար­ձեալ ճանչ­ցուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ տա­րուան լա­ւա­գոյն կռփա­մար­տի­կը, յայտ­նեց Աբ­րա­հա­մի մամ­լոյ քար­տու­ղա­րը՝ Սի­րան Գրի­գո­րեան:

ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Թուրք-հայ մշակութային համագործակցութեան հետամուտ ծրագրի մը շրջագծով կը նախատեսուի համերգներու շարք մը ներկայ տարուան համար:
Շաբաթավերջին Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսով մը ծանօթացուեցաւ նախագիծը: Նախաձեռնարկները այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան, ուր բացատրութիւններ տուին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին:

ԱՀԱՒՈՐ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Տեմիրճիներու Էլմատաղի բնակարանին վրայ սահմռկեցուցիչ յարձակում եւ կողոպուտ:
87-ամեայ ոսկերիչ Յակոբ Տեմիրճի տմարդի ձեւով սպաննուեցաւ իր տան մէջ, նոյն դէպքին հետեւանքով վիրաւորուած կողակիցը՝ 79-ամեայ Սեդա Այտա Տեմիրճի դարմանման տակ:

Էջեր