ՏՈՂԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխաններէն Սելինա Տողան վերջերս Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ՝ հաւատի ազատութեան խորհրդարանականներու միջազգային համաժողովին, որու աշխատանքը տեւեց երկու օր։
Պերլին Անգարայի կողմէ յառաջ քշուած նախապայմանը կատարած է՝ Պունտեստակի որոշումէն վերջ:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Երէկ երեկոյեան ան ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովը, որու աւարտին Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց իր հրաժարականին մասին։ Այս առթիւ ան ըսաւ, թէ երկրի հասարակութիւնը տակաւին կը մնայ բեւեռացած, ուստի պէտք են նոր մօտեցումներ։ «Իմ ամբողջ քաղաքական կենսագրութեան ընթացքին ես պայքարած են քաղաքական անջրպետներու դէմ՝ աշխատելով համագործակցութեան կամուրջներու կայացման համար», աւելցուց ան։
Ըստ մեր նախնիներու պատկերացումներուն, սկիզբը Ծովն էր՝ Ծիրանի Ծովը: Ծովը կը ծնի աստուածներու առաջին զոյգը: Անոնք Ծովի մէջ արարեցին սրբազան բլուր-լեռը եւ կոչեցին Դուին: Ապա Դուինի ստորոտը կառուցեցին իրենց կացարանը, որ կոչուեցաւ Գանձ: Անոնցմէ ծնունդ առին հզօր աստուածները:
Ֆրանսական «Շնայտէր էլէքթրիք» ընկերութիւնը կը ծրագրէ ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ: