ՊՐԻՒՔՍԵԼ ԳԱՂԹԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱՐ ՄՏԱՀՈԳ
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր յայտնեց, որ գաղթականաց հարցին շուրջ Թուրքիոյ հետ ապահովուած համաձայնութիւնը կրնայ ձախողիլ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան Աւստրիոյ «Քուրիէր» թերթին մէջ գրի առած յօդուածին շրջագծով անդրադարձաւ այս հարցին։


Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդին կազմը փոխուեցաւ կառավարութեան որոշմնագրով: